Հալէպը, Պուրճ Համուտը, Քեսապը, Այնճարը Սփյուռքի թթխմոր են
ՀՅԴ զինանշան ՀՅ Դաշնակցության Արցախի Կենտրոնական Կոմիտեի պաշտոնական կայքէջ
Գլխավոր » Հասարակական » Հալէպը, Պուրճ Համուտը, Քեսապը, Այնճարը Սփյուռքի թթխմոր են

Հալէպը, Պուրճ Համուտը, Քեսապը, Այնճարը Սփյուռքի թթխմոր են

Հալէպի կորուստը համազօր է ազգային կորուստի։ Չափազանցութիւն կամ զգացականութիւն պէտք չէ որոնել դժուարութեամբ արտայայտուող այս հաստատումին մէջ։ Կենսականօրէն կարիքը կայ բացատրելու ազգային մաշտաբի հետեւանքներ ունեցող իրավիճակ մը, որուն լուսաբանումն ու հիմնաւորումը պէտք է շատոնց տրուէր, անդրադառնալու համար թէ ի՞նչ կը նշանակէ հաստատուած եւ կազմաւորուած գաղութի մը գոյատեւման, մինչեւ իսկ գոյութեան վտանգը։

 

Անմիջապէս պէտք է շեշտել, որ այս հարցը պէտք չէ առընչել պատերազմական անողոք պայմաններու տակ դիմադրող Հալէպահայութեան անհատական թէ կազմակերպական որոշումներուն։ Այդ որոշումները, իրենց շարժառիթներով հանդերձ, պէտք է յարգուին եւ մինչեւ իսկ օժանդակութեան արժանանան մեր բոլորին կողմէ։

 

Անհատական թէ ընտանեկան մակարդակի վրայ գոյութենական յարգելի որոշումները իրենց կարգին, ուր կորուստները արդէն իսկ ահաւոր են։ Սակայն, տեղ մը պէտք է սկսինք հաշուարկումը կատարել այն հաւաքական կորուստին, որ ազգային ռազմավարական մտահոգութիւն պէտք է ըլլայ, իսկ սփիւռքահայութեան համար՝ ազգային աւիւն հայթաթող կենարար աղբիւրի կորուստ։

 

Սեդօ Պոյաճեան

Սեդօ Պոյաճեան

Երբ ցեղասպանութեան եւ բռնագաղթի հետեւանքով սկսան առաջանալ Հայկական Սփիւռքի գաղթօճախները, անոնց կազմաւորման աշխատանքը մեկնակէտ ունէր ազգային եւ կազմակերպական այն առաջադրանքը, թէ նոր կազմուող սփիւռքեան գաղութները «ժամանակաւոր գաղթակայաններ» են, ուր հայութեան գոյութիւնը վերջնական բնոյթ չունի։ Սփիւռքեան այս բնակատեղիներուն գոյութեան իմաստը կը կայանայ հայրենիք վերադարձի մէջ։ Մինչեւ հայրենական վերադարձը, գաղթօճախներու պարտականութիւնը պիտի ըլլայ հետապնդել ազգային գոյատեւումի աշխատանք, հայեցի ինքնութեան պահպանում, եւ ազգային քաղաքական դատի հետապնդում

 

Նման ազգային առաջադրանք բնականաբար կը պահանջէր ստեղծումը հայկական համախումբ կեանքի մը, որ օժտուած պիտի ըլլայ իր կրթական, մշակութային, մարզական, բարեսիրական, կրօնական եւ քաղաքական կառոյցներով։ Գաղթօճախներու կազմակերպական կենսափորձը ապացուցեց, որ ակնկալուած համախումբ կեանքի առաջացման ի խնդիր նախատեսուած կառոյցներու համար անհրաժեշտ են թոյլատու պայմաններ, ուր կարելի պիտի ըլլայ ապահովել հայեցի ինքնութիւնը, պահպանել եւ աւելցնել ադամական համրանքը, եւ զարկ տալ հայեցի մշակոյթի դրսեւորման ու ազգային քաղաքական դատի հետապնդման։

 

Ափսոս, Արեւմտեան սփիւռքը, այսինքն՝ Եւրոպական եւ Ամերիկեան ցամաքամասերու վրայ կայք հաստատած գաղթօճախները դժուարութիւնը ունեցան սփիւռքի ազգային առաջադրանքը իրագործելու։ Անոնց կը պակսէր մեզ հիւրընկալող երկիրներու թոյլատու պայմանները։ Արեւմտեան կենցաղի եւ ընկերային կեանքի պայմանները մեծագոյն խոչընդոտներն էին հայկական համախումբ կեանքի մը առաջացման։ Այս պայմանները մինչեւ այսօր եւ տակաւին ապագայի համար կը մնան ու պիտի մնան ի զօրու։ Իրականութիւնը այն է, որ վերջին տասնամեակներուն Արեւմտեան սփիւռքի մէջ համախումբ կեանքի որեւէ աշխուժացում արդիւնք է Միջին Արեւելեան գաղութներէն եւ հայրենիքէն հասնող աւիշին։

 

Սակայն տարբեր է Միջին Արեւելեան գաղթօճախներու պարագան։ Այս տարածաշրջանի մէջ, հակառակ այլազան քաղաքական վերիվայրումներու, հայկական համախումբ կեանքի եւ հայապահպանումի համար կը տիրեն յարմար միջավայր եւ պայմաններ։ Հոն հայ մշակոյթի, ընկերային կեանքի ու ազգային նկարագրի զարգացումները նուազ տարողութեամբ վտանգուած են։ Հոն մեր համախումբ կեանքը կը գործէ, մեր ինքնութեան պահպանումը աւելի արդիւնաւէտ է, մեր մշակոյթի փոխանցումը հեշտ է, մեր պահանջատիրական պայքարի նպատակները աւելի անաղարտ են։

 

Այս բովանդակութեան մէջ պէտք է զետեղել Հալէպի գաղութը։ Այս իմաստով Հալէպի կորուստը նաեւ ազգային կորուստ է։ Նոյն կորուստը կը պատահի երբ վտանգուած է Պուրճ Համուտը, Քէսապը կամ Այնճարը։ Այս հայահոծ կեդրոնները մեր Միջին Արեւելեան գաղութներու սիրտը, ուղեղը եւ հարուածող բազուկն են։ Այս կեդրոնները կը բնորոշեն եւ կը հաստատեն Միջին Արեւելեան մեր գաղթօճախներու կենսական արժէքը մեր ժողովուրդին, մեր հայրենիքին եւ մեր պահանջատիրութեան համար։

 

Առաջին, Միջին Արեւելեան տարածաշրջանի մեր գաղութները տասնամեակներու ընթացքին յաջողած են ստեղծել համախումբ հայեցի կեանք։

 

Երկրորդ, շնորհիւ իրենց համախումբ կեանքին, այս գաղութները կարողացած են ստեղծել կազմակերպուած համայնքներ, որոնք պաշտօնական թէ անպաշտօն կերպով ճանաչում ունին իրենց բնակած պետութեան կողմէ։

 

Երրորդ, իբրեւ կազմակերպ համայնքներ այս գաղութները յաջողած են զարգացնել ընկերային եւ մշակութային նկատառելի ինքնիշխանութիւն։

 

Չորրորդ, իրենց աշխարհագրական դիրքով այ գաղութները աւելի մերձակայ են հայրենիքին, ինչ որ մեծապէս կը դիւրացնէ ներգաղթի աշխատանքը։

 

Ամենէն կարեւորը, Հալէպը եւ մնացեալ կեդրոնները կենսատու աւիւնը կը սրսկեն Արեւմտեան ցամաքամասերու գաղութներուն, որպէսզի այս վերջինները շարունակեն իրենց ազգանուէր եւ հայրենակեդրոն աշխատանքը։

 

Կարելի՞ է պատկերացնել մեր ազգային ու հայրենական կեանքը առանց Հալէպի, Պուրճ Համուտի, Քեսապի եւ Այնճարի։ Կարելի՞ է պատկերացնել Սփիւռքը առանց թթխմորի…։

 

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

1